Շարժման Ռազմավարութիւն/Տեղեկութիւն

From Meta, a Wikimedia project coordination wiki
This page is a translated version of the page Movement Strategy/About and the translation is 81% complete.
Outdated translations are marked like this.
Ուղղին Դէպի Ապագայ
Ուիքիմետիա 2030 Ռազմավարութիւն

Ի՞նչ է 2030 Ռազմավարութիւնը

Շուրջ երկու տասնամեակ, Ուիքիմետիանները միասին աշխատած են կառուցելու համար մեծագոյն գիտելիքներու աղբիւրը մարդկութեան պատմութեան մէջ: Այս ժամանակաընթացքին մէջ, փոքր խմբագիրներու խմբակէ մը աճած ենք տարբերուող խմբագիրներու, ծրագրաւորողներու, անդամ խմբակներու, կարդացողներու, աջակցողներու, նուիրատուներու եւ բաժանորդներու խումբի մը:

Այսօր մենք կայքէջներէ եւ ծրագիրներէ շատ աւելի ենք: Դարձած ենք շարժում մը լի արժէքներով եւ ուժեղ տեսլականով մը: Բոլորս ալ հիմա առիթը ունինք որոշելու համար ուր կ'ուղղուինք հոսկէ: Կրնանք հիմա որոշել եւ մեր տեսալականը վերածել իրականութեան: Ո՞ւր հասած պիտի ըլլանք հոսկէ 10 տարի ետք:

Ո՞ւր ենք հիմա

Ամէն մէկ նետի վրայ կոխելու կրնաս գիտնալ ինչ էին տարբեր քայլերը Ռազմավարութեան Ընթացքին:
Special:MyLanguage/Strategy/Wikimedia movement/2017Special:MyLanguage/Strategy/Wikimedia movement/2018-20Special:MyLanguage/Strategy/Wikimedia movement/2018-20/TransitionSpecial:MyLanguage/Wikimedia 2030/Implementation
Լայնածաւալ խորհրդակցութիւններէ ետք 2017 թուականին, Շարժման Ռազմավարութեան առաջին հանգրուանը արտադրեց Ռազմավարական Ուղղի մը որպէսզի մեզի ուղղէ դէպի ապագան: Առաջարկներ նկատի առնուեցան երկրորդ հանգրուանին մէջ հասնելու համար հետեւեալ նպատակին՝ Գիտելիքներու Հաւասարութիւն եւ Գիտելիքը իբր Ծառայութիւն: 100է աւելի Ուիքիմետիաններ հաւաքուեցան 9 խմբակներով գրի առնելու համար այս առաջարկները: Բազմաթիւ կրկնութիւններէ եւ համայնքներու հետ խորհրդակցելէ ետք, վերջնական տասը առաջարկները եւ սկզբունքները հրատարակուեցան 2020 Մայիսին, եզրափակելով երկրորդ հանգրուանը:

2020 թուականի Հոկտեմբերէն Դեկտեմբեր, Ուիքի համայնքները, անդամ խմբակները եւ Շարժման Ռազմավարութեան խումբը կազմակերպեցին 50 առիթներ առաջարկները վերածելու առաջնահերթութիւններու: Միջազգային Խօսակցութիւններուն եւ այդ առիթներուն ի արդիւնք, ութ գլխաւոր նախաձեռնութիւններ կազմուեցան: 2020 Դեկտեմբերէն 2021 Փետրուար, այս ութ նախաձեռնութիւնները յաւելեալ արծարծուեցան «այլ առիթներով»: Արդիւնքները հրապարակուեցան Մեթայի վրայ: Յաւելեալ խօսակցութիւններ եկող քայլերուն համար պիտի շուտով յայտարարուին:

Ո՞վ կ'աշխատի Շարժման վրայ

Ուիքիմետիա 2030 Շարժման Ռազմավարութիւնը բաց մասնակցութեամբ ընթացք մըն է: Աջակցութեամբ Ուիքիմետիա Հիմնադրամի աշխատակազմին, Ռազմավարութիւնը հիմնուած է խորհրդակցութիւններով եւ բարձր կամաւորներու մասնակցութեամբ: Առաջին հանգրուանին, 1,800 յայտարարութիւն հարիւրէ աւելի համայնքներէ հաւաքուեցան ստեղծելու համար Ռազմավարական Ուղղին: Երկրորդ հանգրուանին, հարիւրէ աւելի կամաւորներ, տարբեր անդամ խմբակներէ եւ համայնքներէ, միասին ստեղծեցին առաջարկներն ու սկզբունքներ, տեղեակ ըլլալով շարժման յարատեւ գրադատութեամբ:

Ընթացքը կը քաջալերէ բացութիւնն ու մասնակցութինը բոլորին որպէսզի կազմուի ապագայ մը որ կը ներառէ ծրագիր համայնքներ եւ նուազ ծանօթ համայնքները: Ուշ 2020 թուականին, Ուիքիմետիաններու ընդլայն խումբ մը, Ուիքի համագործակցութեամբ, ստեղծեցին ուրուագիծ մը առցանց առիթներու: Յետոյ, հարիւրաւոր Ուիքիմետիաններ տարբեր շրջանակներէ միացան Միջազգային Խօսակցութիւններուն առաջնահերթ դարձնելու համար առաջարկներն ու նախաձեռնութիւնները: Եկող իրագործման հանգրուանին, դուն նաեւ հրաւիրուած ես մաս կազմելու յաջորդ հանգրուաններու խօսակցութիւններուն, որոնց մասին մանրամասնութիւնները շուտով պիտի հրատարակուին: